2012-04-17 16:23:08

Կոստանդին Կայսեր Մկրտութեան 17-րդ Դարադարձը` Վճռական Հանգրուան Մը Եւրոպայի Քրիստոնէացումին։


Ապրիլ 18-21 Վատիկանի մէջ միջազգային գիտաժողով մը տեղի կ'ունենայ ՜՜Կոստանտին կայսեր մկրտութեան 17-րդ դարադարձը՝՝ նիւթին մասին, կազմակերպութեամբ՝ պատմական գիտութեանց քահանայապետական կոմիտէին։ Այս նախաձեռնութիւնը կը միտի ընդգծել՝ Կոստանտին Կայսեր դարձը քրիստոնէութեան ու դիմագրաւած պատերազմը Հռոմ՝ Միլվիուս կամուրջին վրայ, 312 թուականին, ինչպէս նաեւ վերակոչելու՝ մէկ տարի ետք անոր հրապարակած՝ Միլանոյի հրովարտակը։ Այս բոլոր դէպքերը հիմը դրին քրիստոնեայ Եւրոպային։
Երեք շաբթի 17 ապրիլ Վատիկանի մամլոյ գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ այս նախաձեռնութեան ներկայացումը։ Ժողովը կը սկսի, ինչպէս ըսինք 18 ապրիլին, Վատիկանի Սիւնոդոսի սրահը, հայր Պերնար Արտուրայի զեկոյցով, նախագահը պատմական գիտութեանց քահանայապետական կոմիտէին։ Գիտաժողովին կը մասնակցին ու խօսք կ'առնեն կարտինալ Ակոստինօ Վալլինի` տեղապահը Հռոմի թեմին եւ Հռոմի քաղաքապետը՝ Ճաննի Ալեմաննօ։ Նշենք որ՝ Ponte Milvius-ի պատերազմը, յեղաշրջեց Եւրոպայի պատմութիւնը։ Աւանդութեան համաձայն 312-ի՝ 28 հոկտեմբերին Կոստանդին կը յաղթէ պատերազմը անոր թշնամի Մաքսիմոսի դէմ, յետ տեսիլքի մը՝ որ անոր կ'աւետէր յաղթութիւնը Քրիստոսի խաչի դրօշին ներքեւ։ Այդ պատերազմէն ետք՝ Կայսրը դարձի կու գայ ու կը մկրտուի իր կայսրութեան պարտադրելով հանդրժողութիւնը հանդէպ քրիստոնեաներուն։ 313-ի հրովարտակով Կոստանդին քրիստոնեաներուն կ'երաշխաւորէ պաշտամունքի ազատութիւնը ու անոնց կը վերադարձնէ բռնագրաւուած ինչքերը։ Այս պաշտօնական ներգործութիւնը այսօր նկատուած է ՜՜ ամենակարեւոր հանգրուաններէն մէկը քրիստոնեայ Եւրոպայի՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.